ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ուիքիփետիա - 23

փտր 13, 2024 Նորութիւններ

2-3     
 

Համացանցին վրայ ամէնէն շատ օգտագործուող 10 էջերէն մէկը՝ Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանը յունուար 15-ին բոլորեց հիմնադրման 23-ամեակը: Այսօր Ուիքիփետիան հասանելի է 326 լեզուով. ատոնցմէ վեց ամէնէն խոշորներն են անգլերէն, սեպուերէն (Ֆիլիփիններու լեզուներէն մին), գերմաներէն, ֆրանսերէն, շուետերէն եւ հոլանտերէն տարբերակները:  

Ուիքիփետիան լայն տարածում ունի նաեւ համացանցի հայերէն տիրոյթէն ներս: Ուիքիփետիոյ առաջին հայերէն գրառումը կատարուած է 2003 թուականի յունուարին: Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակից խումբ մը կամաւորներ 2023-ի սեպտեմբերին հանդէս եկան հայերէն Ուիքիփետիոյ մէջ գրադարանային գործի եւ մատենագիտութեան բնաբաններով յօդուածներու ստեղծման եւ խմբագրման նախաձեռնութեամբ: Համագործակցելով «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութեան որակեալ բովանդակութեան պատասխանատու Մհեր Պեքարեանի հետ՝ կամաւորները յատուկ դասընթացի մը մասնակցեցան։

Գրադարանի Ուիքի-խումբին ուժերով ստեղծուած են «Գրադարանային ընկերակցութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնութիւն. «IFLA» https://shorturl.at/stV15, «Ազգային գրադարանային շաբաթ» http://surl.li/pkaxh, «Գրադարանավարի մասնագիտական վարքականոններ» https://shorturl.at/oMNRW, «Յակոբ Մեղապարտ (յուշամետալ)» https://shorturl.at/eQVY9, «Հրաչեայ Կոստիկեան» http://surl.li/pjzqv, «Քնարիկ Կորկոտեան» https://rb.gy/cu46gj, «Նինէլ Ոսկանեան» http://surl.li/pjzve յօդուածները, բարելաւուած են «Հայաստանի ազգային գրադարան» http://surl.li/pjzwi եւ «Փորձ», «Լումայ», «Գործ», «հիւսիսափայլ» հանդէսներու մատենագիտութիւններուն յօդուածները:

Գրադարանային գործին վերաբերող յօդուածներուն ստեղծումը կը շարունակուի։ Շուտով հայկական Ուիքիփետիան պիտի հարստանայ այս ոլորտին վերաբերեալ բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներով։